(Ռատիօ Վատիկան) Այս օրերուն Հռոմի մէջ գումարուած է ''Քրաքովիայէն`
Փանամա. Սիւնհոդոսը երիտասարդներուն հետ ընթացքի մէջ'' խորագիրով միջազգային հաւաքը որ
կազմակերպուած է Աշխարհականներու, Ընտանիքի ու Կեանքի ժողովի ու Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի
քարտուղարութեան նախաձեռնութեամբ, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աշխարհի 103
երկիրներէ ժամանած երիտասարդներ ու հոգեւորականներ, որոնց շարքին` Օր Սիրանոյշ Մինասեանը,
Հայաստանէն, որ Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին ներկայացուց ժողովի գործընթացի
ու անոր նպատակը։
All the contents on this site are copyrighted ©. |